
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հիմնարկէքը կատարեց իր անունը կրող Մայֆուքի պետական հիւանդանոցին:
Իր խօսքին մէջ Սլէյման շեշտեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ ան ողջունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ ինք պատրաստ է պատերազմելու անոր դէմ, որ բանակը թիրախ կը դարձնէ եւ կամ բանակին դէմ կը պայքարի:
«Այս կեցուածքը կրնայ հարուածել Հարիրիի ժողովրդականութիւնը, սակայն անիկա ազգային եւ քաջ կեցուածք կը նկատուի», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով նախագահական աթոռը թափուր պահելու արարքին` Սլէյման յայտնեց, որ այդ կեցուածքը խիստ մերժելի է:
Սլէյման ակնարկեց նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան»` նշելով, որ անիկա կարեւոր եւ հիմնական փաստաթուղթ մըն է, որ ջնջուած կարելի չէ նկատել, եթէ կառավարութեան մը կողմէ անտեսուած է:
Առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին ակնարկելով` Սլէյման յայտնեց, որ այս առումով իրենք կը զօրակցին կառավարութեան կեցուածքին, որովհետեւ կը հաւատան, որ այդ իմաստով բանակցութիւնը ատակ կերպով վարողը կառավարութիւնն է, եւ համոզուած են վարչապետ Թամմամ Սալամի կարողութիւններով ու արդարամտութեամբ:
Առեւանգուած բանակայիններուն հարցով փոխանակման սկզբունքին մասին խօսելով Սլէյման յայտնեց, որ այս պարագային փոխանակումը զոհին եւ դահիճին միջեւ է, եւ կարելի չէ բանակայինները երկու անգամ սպաննել»:
Իր կարգին, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան բանակին զօրակցիլը եւ զայն պաշտպանելը` ընդգծելով, որ բանակն է Լիբանանի գոյատեւումը երաշխաւորողը:
«Կոչ կ՛ուղղեմ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն վերջ տալու լիբանանեան բանակին նկատմամբ իրենց ատելութեան եւ կը խնդրեմ անոնցմէ պահպանել բանակը, որպէսզի Լիբանանը չտապալի», նշեց Ապու Ֆաուր:


