
Լիբանանեան բանակը երէկ ամրապնդեց Պրիթելի եւ Թիպէի բարձունքներուն վրայ գտնուած իր դիրքերը, ինչպէս նաեւ Արսալի մէջ ձերբակալեց Սալեհ Մուսթաֆա Ամեր անունով սուրիացի մը, որ Պաալպեքի մէջ զինեալ վիճակով նշմարուած էր եւ սպառնացած կարգ մը քաղաքացիներու:
Հարցաքննութեան ընթացքին Ամեր խոստովանեցաւ, որ ինք կը պատկանի ահաբեկչական կազմակերպութեան մը եւ անցեալ օգոստոսին յարձակում մը գործած է բանակի մէկ կեդրոնին դէմ ու սպաննած լիբանանցի զինուոր մը:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը անցեալ շաբաթավերջին հողին յանձնեց բանակային Ժամալ Հաշեմը:
Քպէյյաթի մէջ Հաշեմի նահատակութեան առիթով կատարուեցաւ ժողովրդային եւ պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութիւն` ներկայութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ Ուալիտ Քըրտիի եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներու:
Յուղարկաւորութեան ընթացքին գնդապետ Քըրտի արտասանեց դամբանականը, որուն մէջ հաստատեց, որ բանակին դէմ յարձակումներն ու դաւադրութիւնները երբեք պիտի չտկարացնեն զայն եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարելու անոր կամքը:


