
Ria.ru կը հաղորդէ, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի նախագահ Վիքթոր Խրիսթենքոյի կարծիքով` Հայաստանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ ընդհանուր սահմանի բացակայութիւնը խնդիր չէ:
Եւրասիական տնտեսական միութիւնը 1 յունուար 2015-էն սկսեալ պիտի դառնայ Մաքսային միութեան իրաւայաջորդը: Հայաստանի կառավարութիւնը 2 հոկտեմբերին հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրին: Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ ուրբաթ օր` Մինսքի մէջ:
«Մենք կը խօսինք սովորական սահմանին մասին, երբ կը յիշենք ապրանքներուն մասին: Սակայն Եւրասիական միութիւնը ազատութեան չորս մակարդակ է: Անոնք ապրանքներն են, ծառայութիւնները, դրամագլուխները, աշխատուժը: Եւ վերջին երեքին համար սահմանի գործօնը աւելի ու աւելի քիչ կարեւոր է: Այդ պատճառով ընդհանուր սահմանի բացակայութիւնը ոչ մէկ խոչընդոտ կը յառաջացնէ», յայտարարած է Խրիսթենքօ «Վեսթի. շաբաթ օրը Սերկէյ Պրիլեւի հետ» յայտագիրին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Ան նշած է նաեւ, որ բազմաթիւ ելեւմտական ծառայութիւններ դարձած են ելեկտրոնային, «առերեւոյթ»(Վըրչուըլ), ինչ որ յաւելեալ կերպով կը դիւրացնէ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ համարկումը:


