Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանքֆորթի Մէջ Ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Վերջին Տարիներուն Հրատարակուած Գիրքերը

October 13, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1922230_760508137317943_4142730713133521096Հայաստան աւանդաբար կը մասնակցի Ֆրանքֆորթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին, որ ներկայացուած երկիրներու եւ մասնակիցներու թիւով մեծագոյնն է աշխարհի մէջ: Այս տարի եւս 8-12 հոկտեմբերին Հայաստան առանձին տաղաւարով մասնակցեցաւ Ֆրանքֆորթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին: Հայաստանեան տաղաւարին մէջ ներկայացուած էին պետական աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր հրատարակութիւններու կողմէ վերջին տարիներուն հրատարակուած լաւագոյն նմուշները: Առանձին հատուածով մը ներկայացուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վերջին տարիներուն հրատարակուած գիրքերը:

Ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ 11 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» գիրքի հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն հրատարակութիւններու շնորհահանդէսը, ինչպէս նաեւ հայկական խոհանոցի վերաբերեալ գերմաներէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը: 12 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Մարդասիրութիւնը եւ գրականութիւնը» խորագիրով քննարկում, որուն ընթացքին խօսուեցաւ ցեղասպանութիւնները կանխելու գործին մէջ գրականութեան դերին մասին: Քննարկման ընթացքին ելոյթով հանդէս եկան թրքական «Պելկէ» հրատարակութեան ղեկավար Ռակըփ Զարաքոլու եւ թուրք գրող Կիւլչիչեք Կիւնել Թեքինը, որ եւս յայտնի է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր ստեղծագործութիւններով:

10653675_760508100651280_8491706228529176793_nՀայաստանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ են Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան, «Զանգակ», «Անտարես», «ԵՊՀ» հրատարակչութիւններու ղեկավարները, «Գիրքի եւ հրատարակչական գործի» կեդրոնի ներկայացուցիչները եւ այլ մարզի մասնագէտներ: Հայաստանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Մայնի Ֆրանքֆորթի եւ յարակից երկրամասին մէջ ապրող հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Իր գիրքին շնորհահանդէսին առիթով Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննիսեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրեց. «Հէնց նոր ներկայացրեցի «Մանտիլիոն»-ի անգլերէն, ռուսերէն եւ հայերէն տարբերակներն աշխարհի ամենամեծ եւ կարեւորագոյն գրքի ցուցահանդէսում` Ֆրանքֆորթեր Պիխմեսսէում:

Ամէն տարի, ցուցահանդէսն հիւրընկալում է աւելի քան 7000 ցուցադրող աւելի քան 100 երկրներից, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր այցելուներ ու գրական բնագաւառի մասնագէտներ»:

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. Քիւրտերը Արաբունարի Զօրակցութեան Ցոյց Մը Կատարեցին

Յաջորդը

Ըստ Եւրասիական Տնտեսական Յանձնախումբի Նախագահին. «Հայաստանի Եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միջեւ Ընդհանուր Սահմանի Բացակայութիւնը Խնդիր Չէ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.