Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ժընեւ, ուր մասնակցեցաւ Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան 131-րդ խորհրդաժողովին:
Պըրրիի ընկերակցեցան արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի, կիներու եւ մանուկներու յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժիլպելթ Զուէյն եւ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ:
Խորհրդաժողովի նախապատրաստական նիստին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է աւելցնել Լիբանանը հարուածող ահաբեկչութեան վտանգներուն դէմ բանեցուած ջանքերը եւ համախմբուիլ լիբանանեան բանակին շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել ահաբեկչական խմբաւորումներուն:
Պըրրի հաստատեց նաեւ, որ բանակին պէտք է նեցուկ կանգնիլ` Լիբանանը եւ անոր ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու եւ ամրապնդելու առումով:
Իր կարգին, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ ներկայացուց տեղեկագիր մը, որուն հիման վրայ ան զգուշացուց Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներու թիւի աճին ունենալիք վտանգներէն: Ան անդրադարձաւ նաեւ Մուսուլի քրիստոնեաները, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ եզիտիներն ու քիւրտերը բռնագաղթի ենթարկելու վտանգներուն:
Նշենք, որ Ժընեւի մէջ Լիբանանի դեսպան Նաժլա Ասաքեր ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ խորհրդարանի նախագահին:


