
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող Կազայի վերաշինութեան խորհրդաժողովին բերած իր մասնակցութեան ծիրին մէջ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ շրջանը քանդելու եւ անոր ժողովուրդները բնաջնջելու առումով ՏԱՀԵՇ իսրայէլեան յարմարագոյն գործիքն է:
Պասիլ շեշտեց, որ Իսրայէլ եւ ՏԱՀԵՇ նոյնանման են իրենց գործած ահաբեկչութեամբ եւ քանդումի գործելաոճով: Ան նկատել տուաւ, որ Պաղեստինի հարցին լուծումը չ՛արդարացներ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը:
Պասիլ նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան կը զօրակցի պաղեստինեան իրաւունքներուն եւ արաբ անհատներուն դատին, որ պէտք է կենդանի մնայ:
«Ի՞նչն է կարեւորը: Քանդումի կասեցո՞ւմը, թէ Պաղեստինի վերաշինութիւնը», հարց տուաւ Պասիլ` շեշտելով, որ Իսրայէլին պէտք է պարտադրել, որ կասեցնէ իր քանդումները:
Միւս կողմէ, Պասիլ շաբաթավերջին գրաւոր նամակ մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն, որ նշած էր, թէ Ուաշինկթըն կը յարգէ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի պատերազմը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած էր Պասիլին` ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մասնակցելու առումով վերջինիս ունեցած ներդրումին առումով:
Քերրի հաստատած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանին` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անոր պատերազմին մէջ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն զինուորապէս օժանդակել Լիբանանին:


