Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Կը Շարունակէ Ձերբակալումներ Կատարել

October 13, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

lebanese-army-logoԼիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ երէկ առաւօտեան Այտամունի մէջ կատարուած ներխուժումներուն ընթացքին սուրիացի մը` Ֆուատ Արուր անունով, ձեռնառումբով մը թիրախ դարձուցած է յանցագործներ ձերբակալելու նպատակով այդ գործողութիւնը կատարող բանակի ջոկատը:

«Բանակայիններ կրակեցին խնդրոյ առարկայ անձին վրայ եւ սպաննեցին զայն: Արուրի ընկերակցող երկու այլ սուրիացիներ` Մուսթաֆա Ապտել Քերիմ Ալի եւ Իպրահիմ Հիւսէյն Ապպաս, ձերբակալուեցան եւ անոնցմէ գրաւուեցան երկու այլ ձեռնառումբեր», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Բանակի հրամանատարութիւնը նշեց նաեւ, որ Աքքարի Մընիարա գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալած է 19 այլ սուրիացիներ:

Միւս կողմէ, Ֆնայտեքի քաղաքապետարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան բանակէն անջատուելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի միանալու մասին զինուոր Ապտել Քատեր Աքումիի յայտարարութեան հետ կարելի չէ լուրջ վերաբերիլ, որովհետեւ ան հոգեկան խանգարումէ կը տառապի եւ արդէն իսկ երեք ամիսէ ի վեր բանակէն փախուստ տուած է ու դադրած բանակային ըլլալէ:

Ֆնայտեքի քաղաքապետարանը հաստատեց, որ Աքումիի հայրը եւ եղբայրը նոյնպէս բանակայիններ են, սակայն Ապտել Քատեր Աքումի հոգեկան հարցերէ կը տառապի:

Ֆնայտեքի քաղաքապետարանը կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կառավարութեան ազատ արձակելու առեւանգուած զինուորները, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ Ֆնայտեքէն երկու զինուորներ:

Ֆնայտեքի քաղաքապետարանը կոչ ուղղեց կառավարութեան յանդուգն կեցուածք որդեգրելու, իսկ Հըզպալլայէն եւ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող այլ քաղաքական ուժերէ` հեռանալու Սուրիայէն, որպէսզի ահաբեկչութեան վտանգը հեռանայ Լիբանանէն:

 

Նախորդը

Ժընեւի Մէջ. «Պէտք Է Բանակին Նեցուկ Կանգնիլ` Ահաբեկչութեան Դէմ Մղած Անոր Պայքարին Առումով» Շեշտեց Նեպիհ Պըրրի

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. Քիւրտերը Արաբունարի Զօրակցութեան Ցոյց Մը Կատարեցին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.