ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախքան Վատիկան իր մեկնումը, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի պատրիարքարանին մէջ ունեցած սեղմ հանդիպումի մը ընթացքին արտայայտուած է հետեւեալ կերպով. «Եթէ Լիբանանի քրիստոնեաներուն հարց տրուի արձանագրուող զարգացումներէն, անոնք բոլորը կը պատասխանեն, որ եթէ Հըզպալլան չ՛ըլլար, ապա ՏԱՀԵՇ-ը Ժունիէ հասած կ՛ըլլար»:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ մէջ վաղը` հինգշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութեան նիստ:
ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրինագիծը բարեփոխումի ենթարկելու նպատակով խորհուրդը միայն երկու շաբաթ պիտի սպասէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Պրիթելի մէջ պատահածը վտանգաւոր է` ընդգծելով, որ Հըզպալլա պէտք է հեռանայ Սուրիայէն:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նախանցեալ օր արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` պաղեստինեան ապահովական ուժերուն եւ կարգ մը երիտասարդներու միջեւ:
Գաղթակայանին մէջ գործող պաղեստինեան խմբաւորումներուն միացեալ ուժերը շրջափակեցին բախումներու շրջանը եւ կացութիւնը հակակշռեցին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ դատական իշխանութիւններուն կողմէ բերման ենթարկուած յանցագործները ոչ մէկ հովանաւորութեան ենթակայ են:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ շուրջ 12 հազար ահաբեկիչներ կը գտնուին Լիբանան-Սուրիա սահմաններուն վրայ եւ անոնք կը պատրաստուին յարձակումներ գործելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած է` երաշխաւորելու համար հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի ապահովութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, որ Հըզպալլայի կեդրոններուն դէմ Ժապհաթ Նուսրայի յարձակումը բոլոր չափանիշերով ձախողած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Հըզպալլայի զէնքն է, որ ՏԱՀԵՇ-ը Լիբանան հասցուցած է` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի զէնքը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու զէնք մը չէ:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ լիբանանցիները գիտեն, որ ՏԱՀԵՇ կը փորձէ իր հակակշիռին տակ առնել Լիբանանը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ ինք այցելած է դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործներ Շատի Մաուլաուիի եւ Ուսամա Մանսուրի` ընդգծելով, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ղեկավարած հոսանքն ու Մուսթաքպալ հոսանքը զինած են Թրիփոլիի երիտասարդները: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլի լիբանանեան բանակին դէմ չէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, բանակայինները առեւանգող կողմերն են, որոնք ճնշում կը բանեցնեն անոնց ընտանիքներուն վրայ եւ զանոնք կը մղեն փակելու ճամբաները:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ պահանջուածը այն է, որ լիբանանեան ներքին կացութիւնը ամրապնդուի` դիմադրել կարենալու համար ահաբեկիչներուն գործելիք յարձակումներուն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յայտարարութիւնները ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներուն հետ կը նոյնանան:
ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու խորհուրդը ինքզինք կը փորձէ զերծ կացուցել Տար Ֆաթուայէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ օտար դիւանագէտներ զգուշացուցին նախագահական ընտրութեան յետաձգումը շարունակելէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կան այնպիսի տուեալներ, թէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը հեզասահ պիտի ըլլայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի երկրին իշխանութիւնը բաժնեկցիլ լիբանանեան քաղաքական այլ ուժերու հետ եւ ոչ թէ տիրել Լիբանանին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան մտահոգութիւն յայտնեց Արսալի իրավիճակով, եթէ կարելի չըլլայ նախքան ձմեռ լուծել այդ գիւղաքաղաքին հարցը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց, որ Հըզպալլայի զէնքը կը պաշտպանէ երկիրը` շրջանին վկայած ներկայ իրարանցումին լոյսին տակ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Հըզպալլայի կեդրոններուն դէմ գործուած յարձակումին նպատակն էր Հըզպալլայի մարտիկներուն շարքերուն մէջ մեծ թիւով զոհեր պատճառել:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները հետեւանք են Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի մղած կռիւներուն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի մնալը խոցելի կը դարձնէ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն իրավիճակն ու կը սառեցնէ անոնց աշխատանքը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Պապ Ռամըլ շրջանին մէջ բանակը երէկ բացայայտեց ական մը, որուն վնասազերծումին ընթացքին նահատակուեցաւ ռումբը վնասազերծող բանակի սակրաւորին օգնականը:


