Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Դաշինքի Ռմբաձիգները Այն Արապի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ձեռքբերումները Կը Չքացնեն

October 8, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1007_KobaneԵրէկ Այն Արապի (Քոպանի) մօտ բուռն բախումները շարունակուեցան: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ի վերջոյ յաջողեցան մուտք գործել քաղաք եւ յառաջացան մինչեւ քաղաքի կեդրոնին մօտ: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ քաղաքը ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը իյնալու եզրին է: Միջազգային կազմակերպութիւններ սկսան բնակչութեան օժանդակել քաղաքէն փախուստ տալու: Սակայն միջազգային դաշինքի ռմբաձիգները միջամտեցին եւ քաղաք ներխուժած զինեալներուն ստիպեցին նահանջել քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր դէպի արեւելք:

Մինչ այդ, թրքական իշխանութիւնները Քոպանիի հետ սահմանին վրայ քիւրտ ցուցարարներ ցրուեցին: Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ կատարուած ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուեցաւ զոհ մը: Ստեղծուած կացութեան մէջ թրքական իշխանութիւնները Մարտին նահանգի վեց շրջաններու մէջ երէկ գիշերուընէ մինչեւ այսօր առաւօտեան ժամը ութ կրակմարի դրութիւն հաստատեցին:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՔԱԿ-ի կարգախօսներ վանկարկող դիմակաւոր 50 ցուցարարներ Վիեննայի Պերկենզ քաղաքին մէջ թրքական հիւպատոսարանը քարկոծած են` բողոքելով, որ թրքական իշխանութիւնները Քոպանիի մէջ պաշարուած զինեալներուն բաւականաչափ աջակցութիւն եւ պաշտպանութիւն չեն տրամադրեր:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններուն պիտի մասնակցի միայն այն պայմանով, որ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը ստեղծուի: Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն աշխուժացման պատճառը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն է: «Քանի տակաւին Պաշշար Ասատ կը շարունակէ պաշտօնավարել, սուրիական աւելի մեծ թիւով քաղաքներ պիտի անցնին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն վերահսկողութեան տակ», յայտարարեց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի պատասխանելով Տաւութօղլուին յայտարարեց. «Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Մեր կեդրոնացումը ՏԱՀԵՇ-ի վրայ է: Մենք անշուշտ պիտի շարունակենք աջակցիլ սուրիական ընդդիմութեան, սակայն այս առումով որեւէ նոր բան չունինք»:

Նախորդը

Իրան Գերագոյն Հոգեւոր Պետի Փոփոխութեա՞ն Կը Պատրաստուի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.