
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին լուծման առումով ցարդ Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերը ապարդիւն դուրս պիտի գան:
Եթէ կառավարութիւնը իսկապէս կ՛ուզէ ազատ արձակել առեւանգուած զինուորները, ապա միայն երկու լուծումներու կրնայ դիմել. անոնցմէ մէկը այն է, որ առեւանգուած բանակայինները պէտք է փոխանակէ Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռացումով եւ կամ ուժ բանեցնելով ազատ արձակէ զանոնք, «իսկ վերջին ընտրանքը վտանգաւոր է, որովհետեւ առեւանգուած բանակայիններուն կեանքին ալ վտանգ կը սպառնայ», ըսաւ Ժահժահ:


