
Լիբանանեան բանակը երէկ կէսօրին Արսալի Ռաս Սարժ շրջանին մէջ բացայայտեց ական մը, որ 50 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ կը կշռէր:
Ականը զետեղուած էր թիթեղեայ աղբամանի մը մէջ եւ պատրաստ էր պայթելու:
Բանակի սակրաւորները վնասազերծեցին ականը եւ այդ դէպքին մասին հետաքննութիւն բացին:
Եարզէի Մէջ
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ:
Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնները:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Մոհամետ Ռիտա Միրզային:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


