
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլէն իմացաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
Պասիլ նշեց, որ եթէ Լիբանան կ՛ուզէ Սուրիոյ հետ դիւանագիտական իր յարաբերութիւնները խզել, ապա կառավարութիւնը պէտք է քննարկէ այդ հարցը:
Ան աւելցուց, որ Մոալլեմի հետ իր հանդիպումը բաւական կարճ եղած է, եւ քննարկուած են ընդհանուր հարցեր եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերող մանրամասնութիւններ:


