Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Հասկացողութիւն Կը Ցուցաբերէ Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքներուն Կեցուածքներուն Նկատմամբ

October 4, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապու Ֆաուր` Տահր Պայտարի մէջ
Ապու Ֆաուր` Տահր Պայտարի մէջ

Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ դարձեալ փակեցին Տահր Պայտարի մայրուղին` պահանջելով իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը:

Ճամբան փակելու քայլը պատճառ դարձաւ, որ քաղաքային մը բռնի ուժով փորձէ անցնիլ, ինչ որ իր եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումի պատճառ դարձաւ:

Ներքին ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը եւ հետաքննութիւն բացին:

Նշենք, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները որոշեցին Ատհայի տօնը Տահր Պայտարի մայրուղիին վրայ դիմաւորել:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ուղղուեցաւ Տահր Պայտար եւ հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն հարցը ազգային առաջնահերթութիւն մըն է, որուն պէտք է հետեւիլ` աւելցնելով, որ այդ իմաստով կառավարութեան քննարկումները դրական էին:

Ապու Ֆաուր յայտնեց նաեւ, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին կարելի չեղաւ որոշել առեւանգուած բանակայինները իսլամական բանտարկեալներուն հետ փոխանակելու կամ չփոխանակելու կարելիութիւնը:

Ճամբաները փակելու առումով Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ անիկա առեւանգուած բանակայիններուն որոշումն է` ընդգծելով, որ քաթարեան պատուիրակութեան աշխատանքը դրական է եւ այդ իմաստով պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել Տոհային:

Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ Ապու Ֆաուր առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն կատարած իր այցելութեան ընթացքին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ, որ յայտնեց, թէ ինք յանձնառու է առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն հետ իր կապը պահելու եւ զանոնք տեղեակ պահելու անոնց զաւակներուն ազատ արձակումին նպատակով որդեգրուած բոլոր քայլերուն մասին:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ կառավարութիւնը չի կրնար առեւանգուած զինուորներուն հարազատներուն երաշխիքներ տալ անոնց զաւակները ազատ արձակելու առումով, ինչպէս նաեւ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ անոնց որդեգրած կեցուածքներուն նկատմամբ:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:

 

Նախորդը

Բանակը Արսալի Մէջ Վնասազերծեց Ական Մը

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.