
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք որոշած է աշխատավարձի յաւելումներուն օրինագիծը խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն վերադարձնել` նկատի ունենալով զինուորական անձնակազմին կողմէ մշակուած այդ օրինագիծին մերժումը:
Պըրրի կոչ ուղղեց Տնտեսական խորհուրդներուն երբեք չմտածելու, թէ ինք իր այս որոշումով ծառայած է իրենց, որովհետեւ լիբանանեան բանակին իրաւունքը հիմնական է, իսկ Տնտեսական խորհուրդներէն կը պահանջուի օժանդակել աշխատավարձի յաւելումներուն ապահովումին:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ հոկտեմբերի աւարտին պիտի գումարուի օրէնսդրական այլ նիստ մը` անհրաժեշտ հարցերու շուրջ օրէնքներ մշակելու նպատակով, աւելցնելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը տակաւին ո՛չ դրական եւ ո՛չ ալ ժխտական հաստատումի արժանացած է, որովհետեւ այդ հարցը տակաւին չէ քննարկուած:


