Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԼԻՆԹԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼՈՒ

July 19, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիւլ, Քլինթըն եւ Տաւութօղլու

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ, որուն հետ այլ հարցերու կողքին քննարկած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը:

Քլինթըն թրքական ընդդիմութիւնը մեղադրած է հայ-թրքական հաշտեցման հոլովոյթը խոչընդոտելու համար, որուն իբրեւ պատասխան Քըլըճտարօղլու զարմանք արտայայտած է:

«Հանդիպումներուս ընթացքին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հարցուցի, թէ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները ինչո՞ւ խորհրդարանի օրակարգ չեն մտցուիր: Ինծի պատասխանեցին, թէ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը այդ արձանագրութիւններուն դէմ կ՛արտայայտուի, որուն պատճառով այդ փաստաթուղթերը վաւերացման համար խորհրդարան չեն ներկայացուիր», ըսած է Քլինթըն:

Նշելով, թէ ինք ուղղակի ապշած է Քլինթընի խօսքերէն, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ըսած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում  կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ ցանկութեան պարագային կրնայ վաւերացման ներկայացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները:

«Ցանկութեան պարագային անոնք կրնան օրակարգ բերել եւ վաւերացնել այդ արձանագրութիւնները: Սակայն կառավարութիւնը նիւթին առնչութեամբ մեզի որեւէ տեղեկութիւն չի տրամադրեր: Նոյնիսկ արձանագրութիւններու բովանդակութեան մասին մամուլէն տեղեկացած ենք: Իշխանութիւնները ո՛չ միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, այլ նաեւ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցերու մէջ կը նախընտրեն մեզի տեղեկութիւն չտրամադրել», ըսած է Քըլըճտարօղլու:

Թրքական լրատուամիջոցներու տեղեկութեամբ, Քլինթըն Թուրքիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Իսկ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը մերժած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում ունենալ:

Ռուսական ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քլինթըն Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մերձեցման հոլովոյթը վերաթարմացնելու եւ կողմերը շարունակել քաջալերելու: Ան շաբաթ օր Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումներ ունեցած էր: Անոնց բոլորին հետ ան այլ նիւթերու կողքին նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նիւթը քննարկած է: Ան նշած է, որ ատիկա դարու նախագիծը պիտի ըլլայ:

Քլինթըն Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման եւ Երեւանի հետ Անգարայի վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցներու մշակման ի նպաստ արտայայտուած է:

 

Նախորդը

ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՊԱՔՈՒԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ՓՈԽԱՆՑԱԾ Է

Յաջորդը

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.