Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

July 19, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպման պահուն

Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր:

Երէկ աւելի կանուխ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունեց շրջանային այցելութեան շրջագիծին մէջ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ Քասփրչիքը:

Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան քննարկումները արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով նախատեսուող քայլերուն վերաբերեալ:

Համանախագահները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցին Պաքուի մէջ ունեցած իրենց հանդիպումներէն ստացուած տպաւորութիւնները:

Միջնորդներու հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով առանց հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցման անմիջապէս խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման անցնելու վերաբերեալ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն, ըսաւ, որ անոնք կը հակասեն թէ՛ բանակցային հոլովոյթի տրամաբանութեան, թէ միջնորդներու դիրքորոշումին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ լրագրողներուն հետ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէ յայտարարեց, որ ներկայիս ղարաբաղեան տագնապի լուծման դիւանագիտական շատ աշխուժ հանգրուան է, եւ յառաջիկայ շաբաթներուն տեսանելի պիտի ըլլան գործադրուող ջանքերուն արդիւնքները:

«Ինչպէս յայտնի է, Քազանէն ետք արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ: Ուստի, ներկայիս շատ աշխուժ հանգրուան է, եւ ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է զգուշ ըլլանք հապճեպ եզրակացութիւններ չընելու կամ արագօրէն գնահատականներ չտալու` դիւանագիտական այս արդիւնքներուն վերաբերեալ», ընդգծեց Պրատքէ:

Պրատքէ նաեւ ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու` Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ սերտ համագործակցութիւնը:

Նախորդը

ՔԼԻՆԹԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼՈՒ

Յաջորդը

533 ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԱԼ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ Է ՀԱՄԱՆԵՐՄԱՆ ՇՆՈՐՀԻՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.