Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՊԱՔՈՒԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ՓՈԽԱՆՑԱԾ Է

July 19, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՍալամՆիուզ» վկայակոչելով «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Մամետեարով Մոսկուա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով Ռուսիոյ առաջարկներուն վերաբերեալ Պաքուի պատասխանը:

Ընդգծելով, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ ամէն բան Ազրպէյճանէն կախեալ չէ, Մամետեարով նշած է, որ պէտք է նաեւ Երեւանի պատասխանին սպասել: «Սակայն մենք կը կարծենք, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց կայ: Մենք աստիճանաբար կը շարժինք դէպի այն կէտը, երբ բոլորը պիտի հասկնան, որ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը ոչ ոքի ձեռնտու է, ներառեալ` մեր դրացիներուն», ըսած է Մամետեարով:

Նշենք, որ Լաւրով օրեր առաջ Հայաստան եւ Ազրպէյճան կատարած իր այցելութեան ընթացքին Երեւանին եւ Պաքուին փոխանցած էր Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի` ղարաբաղեան տագնապին լուծման կարգաւորման հետ կապուած առաջարկները:

Ըստ ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Երեւանի հետ ղարաբաղեան տագնապին առնչութեամբ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքներ սկսելու Պաքուի պատրաստակամութիւնը:

«Խաղաղ համաձայնագիրի քննարկումը պիտի ըլլայ այն բանի ազդանշանը, որ մենք բանակցութիւններու վերջին հանգրուանին կ՛անցնինք», ըսած է ան եւ ընդգծած, որ Ազրպէյճանի կարծիքով` «Քազանեան հանդիպումը դէպի յառաջ քայլ էր»: Ան նշած է, որ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքներու սկսելու ժամանակը հասունցած է:

Լաւրով եւ Մամետեարով երէկ երկու երկիրներուն միջեւ «Պետական սահմանի մասին» համաձայնագիրի վաւերացման մասին հաւատարմագիրներ փոխանակած են:

«Մենք բոլոր մարզերուն մէջ զարգացման բարձր կշռոյթներ արձանագրած ենք», ըսած է Լաւրով: Ըստ անոր, սահմանի մասին համաձայնագիրը ուժի մէջ մտած է Սամուր գետի ջրային պաշարներու համաձայնագիրին հետ: «Ստորագրուած համաձայնագիրները բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծեն բոլոր մարզերուն մէջ շրջանային համագործակցութեան համար», ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ Տուման նախապէս վաւերացուցած էր Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի մասին համաձայնագիրը, որ 3 սեպտեմբեր 2010-ին ստորագրուած էր Պաքուի մէջ:

Ռուսիա առաջին երկիրն է, որուն հետ Ազրպէյճան պետական սահմանի մասին համաձայնագիր ստորագրած է:

 

Նախորդը

ՉԱՐԴԱԽԼՈՒՆ` 10 ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՔԼԻՆԹԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼՈՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.