ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմէն եւ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժէն պահանջեց արգիլել ոգելից նիւթ պարունակող խթանող զովացուցիչներուն ներածումն ու շուկայադրումը, ինչպէս նաեւ այդ մասին կատարուող ծանուցողական արշաւը:
ՏԱՐ Ֆաթուա պաշտօնապէս յայտարարեց, որ շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2014-ը Ատհայի տօնին կը զուգադիպի: Այս առիթով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան առաւօտեան ժամը 7:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ պիտի նախագահէ օրուան նամազին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի ուսանողները կը շարունակեն մերժել 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի յաւելումները, որոնք պարտադրուած են համալսարանին նախագահութեան կողմէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սալաֆական շարժումի պատասխանատուներէն, յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործողութիւններ կատարող կողմերը ուղղակիօրէն ՏԱՀԵՇ-ի հետ առնչուած են:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժորժ Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոս յայտնեց, որ իրենք գաղթականներ չեն` աւելցնելով, որ իրենք պիտի պահպանեն իրենց իսլամ եղբայրներուն հետ համերաշխութիւնն ու Թրիփոլիի համակեցութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի Ֆրանսա կատարած այցելութեան նպատակն է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ քննարկել առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու անուղղակի բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին, այլապէս` ահաբեկչութիւնը կարելի պիտի չըլլայ կասեցնել:
ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց ստորագրելու համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ կրօնի անունով բռնարարքները պէտք է ջնջուին եւ խաղաղութիւն հաստատուի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզի մէջ նախագահած է նիստի մը, որուն ներկայ գտնուած են ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դրականօրէն տպաւորուած է ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հանդիպումէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերը լիբանանցիներուն համար աւետիսի օրեր պիտի ըլլան` օրէնսդրական իմաստով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ազգային պարտականութիւն կը նկատուի` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն մէջ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Հըզպալլայի համար կարեւոր էր ընդգծել, որ ինք առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն դէմ չէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց մշակելու աշխատանքային ծրագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ կարելի է ճշդել այն պետութիւնները, որոնք կրնան բանակցիլ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ շեշտեց, որ այնքան ատեն որ ահաբեկչութիւնը ողջունող քաղաքական բառամթերք կայ, ապա ինք ապահովական առումով կայունութիւն ներշնչող ոչ մէկ նշոյլ կը նկատէ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխան Ղազի Արիտի շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին երկփեղկումն ու լարուածութիւնը քաջալերած են արտաքին ահաբեկչութեան Լիբանան հասնելուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները ժխտական են եւ տագնապներու լուծման յոյսեր չկան, «իսկ լիբանանեան ներքին առումով ամէն բան տեղքայլի մէջ է», ըսաւ ան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ համախմբումին երեսփոխանները ներկայ պիտի գտնուին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը: Ան աւելցուց սակայն, որ համախմբումի երեսփոխանները դէմ պիտի քուէարկեն Յաւելուած արժէքի տուրքը մէկ առ հարիւրով բարձրացնելու օրինագիծին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակող եւ պետութեան որոշումը իւրացնող իւրաքանչիւր անհատ ահաբեկիչ կը նկատուի:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ֆատի Սուան սուրիացի ձերբակալեալ Ամեր Համտունը ամբաստանեց զինեալ խմբաւորումի մը անդամ ըլլալու եւ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակելու յանցանքով:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ մեկնեցան Ֆրանսա:


