Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասր յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն սուրիացի գաղթականներուն յատուկ գաղթակայաններ հիմնելու քայլը, որովհետեւ կը հաւատան ժողովրդային այն առածին, որ կ՛ըսէ, թէ փորձուած բան մը դարձեալ փորձելը անմտութիւն է:
Ապի Նասր շեշտեց, որ այս նոյն փորձառութիւնը լիբանանցին ունեցած է պաղեստինցի գաղթականներուն հետ եւ անոնց համար հիմնած է գաղթակայաններ, որոնք ներկայիս լեցուն են ամէն տեսակի զէնքերով եւ զինամթերքով:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց Արսալի մէջ բանակին դէմ մղուելիք երկրորդ ճակատամարտէ մը` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ ապրող համայնքները պէտք է գիտակցին, թէ իրենք բոլորը փոքրամասնութիւններ են եւ իրենց առաջին եւ վերջին ապաստանը Լիբանանն է:
Ապի Նասր ընդգծեց ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ բանակին նեցուկ կանգնելու, ինչպէս նաեւ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` նկատել տալով, որ երկիրը կը գտնուի վտանգաւոր կացութեան մէջ:


