Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի 14 զինեալներ սպաննուած են, երբ դաշնակից ուժերու օդանաւեր չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշեր ռմբակոծած են Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող թիրախներ: «Մայատին» հաղորդեց, որ օդանաւերը ռմբակոծած են Հալէպի գիւղական Մնպեժ շրջանին մէջ գտնուող Քարքուզաք կամուրջին մօտ թիրախ մը:
Փենթակոն յայտարարեց, որ դաշնակից ուժերու օդանաւերը արեւելեան Սուրիոյ մէջ ռմբակոծած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած քարիւղի ենթակառոյցներ: Ամերիկեան բանակը նշեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մասնակցած են Հասաքէի եւ Պու Քամելի մէջ գտնուող քարիւղի ենթակառոյցներուն դէմ կատարուած յարձակումին` աւելցնելով, որ 12 հանքերու դէմ 13 յարձակում գործուած է: Կը հաղորդուի, որ օդային հարուածներուն մասնակցած է կին օդաչու մը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդուժի անդամ հազարապետ Մարիամ Մանսուրի, որ «Էֆ-16» տիպի ռմբաձիգի մը օդաչուն է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու եւ շրջանային սակաւաթիւ երկիրներու հետ անոր գերիշխանութիւնը խախտելու որոշումը տուին, սակայն միջամտութեան վերջ տալու որոշումը անոնց ձեռքը չէ:


