
Դաշնակից ուժերու օդանաւերը երէկ շարունակեցին հարուածել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Երէկ առաւօտեան օդանաւերը հարուածեցին Սարին շրջանին մէջ գտնուող դիրքեր եւ ՏԱՀԵՇ-ի մատակարարման գիծեր եղող շրջաններ, իսկ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին անոնք օդային հարուածներ հասցուցին ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ ամբողջովին պաշարուած Այն Արապի (Քոպանի) մօտ գտնուող շրջաններուն: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի օր օդանաւեր Թուրքիոյ օդային տարածքէն մուտք գործած են Սուրիա եւ հարուածած ՏԱՀԵՇ-ի մատակարարման գիծերը, սակայն «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ թրքական աղբիւր մը հերքած է, թէ Թուրքիոյ օդային տարածքը կամ Ինճիրլիքի զօրակայանը օգտագործուած է յարձակումը գործելու համար: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակէն աղբիւրներ իրենց կարգին հերքած են լուրը: Նշենք, որ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 23 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ յայտնած էր, որ Թուրքիա կրնայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններուն մասնակցութիւնը մերժող իր կեցուածքը փոխել եւ ներկայիս կը սերտէ դերակատարութիւն մը, որ «կը ներառէ ամէն բան: Թէ՛ զինուորական, թէ՛ քաղաքական»` աւելցնելով. «Անշուշտ մեր բաժինը պիտի կատարենք»:
Դաշնակից ուժերու օդանաւերը նաեւ տասնեակներով յարձակումներ գործեցին Տէր Զօր նահանգի Իրաքի սահմանակից Պուքամելի մօտ գտնուող Սինահա եւ Հաժանա շրջաններուն մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն եւ դիրքերուն դէմ: Սէուտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին զաւակը` Խալետ պըն Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ խումբ մը սէուտցի օդաչուներու հետ մասնակցած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներուն: Սէուտական լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը յայտարարած է. «Օդաչու զաւակներս իրենց կրօնին, հայրենիքին ու թագաւորին նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնը կատարեցին»:
«Սքայ Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ դաշնակից ուժերու օդանաւեր ռմբակոծած են Ռաքքայի եւ Հալէպի գիւղական շարք մը շրջաններուն մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:
Զոհպի. «ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Օդային Հարուածները
Սուրիոյ Գերիշխանութիւնը Չեն Բռնաբարեր»
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի յայտնեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի մէջ իր մնայուն ներկայացուցիչին ճամբով նախապէս տեղեակ պահուած էր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամերիկեան հարուածներէն: Ան նաեւ շեշտեց. «Ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ օդային հարուածները սուրիական գերիշխանութեան խախտում մը չեն, որովհետեւ ՄԱԿ-ի որոշումին հիմամբ տեղի կ՛ունենան»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ իրանեան «Անպա Ֆարես» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Սուրիոյ դէմ ամերիկեան օդային հարուածները այդ երկրին ազգային գերիշխանութեան եւ միջազգային օրէնքի կանոններուն ու սկզբունքներուն խախտումներ են»: Ան ըսաւ, որ այդ հարուածները շրջանին մէջ միջամտութեան միջոցառումներու ծիրին մէջ կ՛իյնան եւ շրջանին մէջ կացութիւնը պիտի բարդացնեն:
Gazeta.ru կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի վստահեցուցած են, որ ՏԱՀԵՇ-ը հարուածելու ընթացքին պիտի չյարձակին Սուրիոյ կառավարական զօրքերուն վրայ: Իրանցի պաշտօնատար մը յայտնած է, որ այս հարցը քննարկուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ անոր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրի մը, ամերիկեան կողմը նախապէս տեղեակ պահած է Իրանը Սուրիոյ մէջ հարուածներ հասցնելու մտադրութեան մասին: Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ հարուածներ հասցնելու յստակ ժամանակի եւ թիրախներու մասին չէ խօսուած:
Անգարա Սուրիոյ Ապագային Վերաբերեալ
Ուաշինկթընի Պատկերացումը Կ՛ուզէ Գիտնալ
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեց, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերը «պէտք է բացայայտեն Սուրիոյ եւ Ասատի վարչակարգի ապագային վերաբերեալ իրենց դիպաշարները: Մեր կեցուածքը պիտի ճշդենք միայն իրենցմէ այդ դիպաշարները լսելէ ետք»: «Թուրքիոյ մասնակցութիւնը պահանջել, առանց զայն իրենց ծրագիրներէն տեղեակ պահելու, անարդար է», ըսաւ ան:
Աքտողան նաեւ հերքեց, թէ Թուրքիա մտադիր է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներ ստեղծելու: «Մենք քննադատութեան կ՛ենթարկուինք, որովհետեւ կ՛ըսեն, թէ կ՛ուզենք ապահովական գօտի մը ստեղծել: Ապահովական գօտի ըսելով ըսել կ՛ուզենք Սուրիոյ մէջ ապահով վայրեր հաստատել մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու համար սուրիացիներուն, առանց որ վերջիններս սահմանը անցնին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ասիկա բան մը չէ, որ միակողմանի կերպով պիտի ընենք: Այս նպատակին համար միջազգային համագործակցութեան մը կը կարօտինք»:
Թուրքիոյ փոխվարչապետը նաեւ անդրադարձաւ միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ Թուրքիան իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի հովանաւորողներէն մէկը ներկայացուելուն` նշելով, որ այդ տեղեկատուութիւնները «ապարդիւն եւ աժան լրատուական գործողութիւններ են»: «Մենք` իբրեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն, կը դատապարտենք ահաբեկչութեան բոլոր տեսակները: Կտրուկ կերպով կը դատապարտենք: Այս է մեր գոյութեան իմաստը», ըսաւ ան:
Վերջերս «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթերը զայրացուցած էին Անգարան` գրելով, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու հետ դաշինքէն կը հեռանայ եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ քարիւղի առեւտուրին ու օտար զինեալներու զինուորագրումին նկատմամբ հանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Եաշար Եաքըշ յայտնեց, որ Էրտողան «իր դասը սորվեցաւ, երբ Թուրքիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ պատերազմին մէջ առանձին ձգուեցաւ»` շեշտելով. «Թուրքիա այսօր նոյն սխալը պիտի չկրկնէ եւ միջազգային դաշինքին զինուորապէս պիտի չմասնակցի»:
Ան ընդգծեց. «Թուրքիա արեւմտեան պետութեանց վրայ վստահութիւն չունի եւ երբ այդ պետութիւններուն մտադրութեանց վրայ կարենայ վստահութիւն ունենալ, կրնայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ աւելի գործի լծուիլ», նշեց Եաքըշ` աւելցնելով. «Թուրքիա կարիքը ունի այս միջազգային դաշինքին վերջնական նպատակն ու զայն իրականացնելու կարելիութիւնները գիտնալու, մանաւանդ որ Ժետտայի հաղորդագրութիւնը ստորագրած երկիրներէն ութն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տարբեր ու հակասական օրակարգեր ունին, ուստի դժուար թէ այս դաշինքը միացեալ նպատակ մը իրագործէ»:


