ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի աւստրիացի իր պաշտօնակիցին` Հայնց Ֆիշըրի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Իրան կրնայ ուժանիւթի վստահելի աղբիւր մը ըլլալ Եւրոպայի համար:
Իրանեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ռուհանի ըսած է. «Իրան իւրայատուկ կարգավիճակ ունի ուժանիւթի մարզի տեսանկիւնէն, այդ պատճառով կրնայ ուժանիւթի վստահելի աղբիւր ըլլալ Եւրոպայի համար»:
«Մենք պատրաստ ենք իրականացնելու դէպի Եւրոպա բնական կազի փոխանցման ցանցը Աւստրիոյ տարածքով», ըսած է Իրանի նախագահը:


