
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ աշխարհէն խնդրեց ՏԱՀԵՇ-ի «մահուան ցանց»-ին քայքայման օժանդակել:
«Այս տիպի չարիքի հետ փոխադարձ հասկացողութիւն կամ բանակցութիւն չի կրնար ըլլալ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այսպիսի մարդասպաններուն հասկցած միակ լեզուն ուժն է»: Օպամա ընդգծեց, որ իր երկիրը հետեւակ ուժեր պիտի չօգտագործէ, այլ պիտի բաւարարուի օդային հարուածներով եւ վստահի սուրիացիներուն եւ իրաքցիներուն: Ան ըսաւ, որ քառասուն երկիրներ մաս կազմած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինքին, եւ աշխարհին կոչ ուղղեց` այդ դաշինքին մաս կազմելու:
Մինչ այդ, ՏԱՀԵՇ-ի առնչուած ալճերիական խմբաւորում մը` Ժունտել Խալիֆա կիրակի օր Ալճերիոյ մէջ առեւանգուած ֆրանսացի զբօսաշրջիկ Հերվէ Կուրտելի գլխատման տեսերիզը հրապարակեց:
Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ իրանեան կառավարութիւնը հաստատած է, որ Իրանի յեղափոխական պահակագունդը Էրպիլի մէջ միջամտած է ետ մղելու համար ՏԱՀԵՇ-ի յառաջխաղացքը:


