Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոքր Եւ Միջին Առեւտուրով Զբաղողները Չգոհացան Վարչապետին Հետ Հանդիպումէն

September 24, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0923_Hovig_EntrepreneursԵրեւանի տարբեր տօնավաճառներու առեւտուրի վայրերուն մէջ աշխատող քանի մը հարիւր անհատ գործարարներ երէկ հաւաքուեցան կառավարութեան շէնքին առջեւ:

Անոնք այն փոքր եւ միջին գործարարներն են, որոնք 1 հոկտեմբերէն  պէտք է 3.5 առ հարիւրի փոխարէն 1 առ հարիւր շրջանառութեան տուրք վճարեն: Կառավարութիւնը կը պնդէր, որ այս փոփոխութիւնը յօգուտ անոնց է, սակայն հաւաքուած մարդիկ հակառակը կը պնդէին: Անոնց խօսքով` ներածողները, որոնցմէ իրենք ապրանքը կ՛առնեն, փաստաթուղթ չեն տրամադրեր, որպէսզի իրենք փաստաթուղթի շրջանառութիւն ցոյց տան:

Գործարարներուն պահանջով, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ի վերջոյ տեսակցեցաւ անոնց հետ: Ցուցարարները վարչապետին ներկայացուցին իրենց դժգոհութիւնները: Աբրահամեան ըսաւ, որ «իբրեւ փոքր գործարարներ կառավարութիւնը հետաքրքրուած չէ իրենցմով, որովհետեւ իրենք խոշորներու հետ պէտք է գործ ունենան»: Ըստ վարչապետին, այս գործարարները հարթակ են, կը նպաստեն, որպէսզի իշխանութիւնները խոշոր գործարարներուն հետ կապուած հարցերը լուծեն:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ելեւմուտքի փոխնախարար Արմէն Ալավերտեան: Ան առաջարկեց, որ ցուցարարները դժգոհութիւնները յանձնեն թուղթին եւ ներկայացնեն կառավարութեան:

Հանդիպումը չգոհացուց գործարարները, որմէ ետք  անոնք փակեցին փողոցը, որ բացուեցաւ միայն ոստիկանութեան միջամտութեամբ: Այստեղ նոյնիսկ պահ մը ոստիկանութեան դիմակաւորուած յատուկ ուժեր յայտնուեցան:

Նախորդը

Ըստ Հայաստանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին. Սուրիոյ Կրօնական Խճանկարը Ոչնչացման Եզրին Է

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ անասելի վայրագութեան նոր դրսեւորումը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.