Ելեկտրական ընկերութեան սարակները շարունակեցին ընկերութեան կեդրոնական շէնքին մէջ սկսած իրենց բաց գործադուլը` պահանջելով չեղեալ նկատել Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեքի կողմէ հրապարակուած այն շրջաբերականը, որ ուղղուած էր քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին եւ անկէ պահանջած 897 սարակ մնայուն պաշտօնեաներու վերածել, մինչդեռ պահանջուած իսկական թիւն է 1391 սարակ վերածել մնայուն պաշտօնեայի:
Միւս կողմէ, երէկ Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ ելեկտրական հոսանքը ընդհատուեցաւ` մութի մատնելով նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութը:
Սարակներուն անունով յայտարարուեցաւ, որ իրենք պատասխանատու չեն Լիբանանի մէջ տիրող մութին, որուն պատճառը ելեկտրական հոսանքի ընդհատումն է:
Անոնք նշեցին, որ իրենց թղթածրարը զուտ սենտիքայական է եւ ոչ թէ քաղաքական:
Իր կարգին, Հայեք հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած երէկուան հարցը ոչ մէկ կապ ունի սարակներուն հետ. ան ըսաւ, որ ելեկտրականութեան ընդհատումին պատճառը Զահրանիի ելեկտրակայանին մէջ ստեղծուած հարց մըն է, որուն լուծման համար համապատասխան քայլեր առնուած են:


