
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մասնակցելու առումով Լիբանանին ամբողջացնելիք պայմանները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով շրջանին մէջ Լիբանանի խաղցած քաղաքական դերը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Լիբանանին ներկայացուելիք օժանդակութիւնները, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ պայքարիլ ահաբեկիչներուն դէմ:
Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իր ռուս պաշտօնակիցին` Սերկէյ Լաւրովի հետ: Քննարկուեցան ահաբեկչութեան դէմ ամբողջական պայքարի հեռանկարները:


