
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական զարգացումները:
Վարչապետ Սալամի այցելեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան ծերակուտական յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ժան Ժերմանի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ յայտնեց, թէ ինք վարչապետին փոխանցած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն նամակ մը:
Ապու Ֆաուր նշեց, որ Ժոմպլաթ կը փափաքի, որ իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնները աւելի արագ թափով ընթանան:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի:
Միւս կողմէ, տարբեր հարցազրոյցներու ընթացքին վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ Լիբանան կը զօրակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարող որեւէ ջանքի` ընդգծելով, որ Լիբանան ահաբեկիչներու թիրախ է եւ Լիբանանի դէմ գործուած է ամէնէն քստմնելի ոճիրը, որ բանակայիններուն առեւանգումն է:


