ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով իր ներքին աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի յայտարարէ 12 սեպտեմբերին:
Ըստ աղբիւրին, պատժամիջոցներու հրապարակումը աւելի կը ծառայէ ցոյց տալու Եւրոպական Միութեան միասնականութիւնը:
Դիւանագիտական աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնած են, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ համաձայնած են Ռուսիոյ դէմ խստացուած տնտեսական պատժամիջոցներու կիրարկումին սկսիլ այսօր:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մոսկուա պատշաճ կերպով պիտի հակադարձէ այն պատժամիջոցներուն, որոնց յայտարարութիւնը նախատեսուած է այսօր:


