Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Միացեալ Հաղորդագրութիւնը Չստորագրեց. Ժետտայի Ժողովի Մասնակիցները ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարելու Յանձնառութիւն Յայտնեցին

September 12, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0911_jeddahԱրաբական ծոցի երկիրները, Լիբանան, Եգիպտոս, Յորդանան եւ Իրաք երէկ յանձնառութիւն յայտնեցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու:

11 երկիրները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով համաձայնեցան արգելք հանդիսանալ սահմանակից երկիրներէ օտար զինեալներու ներթափանցման, պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ, անոնց ֆինանսաւորման եւ ատելութեամբ լի գաղափարախօսութեան դէմ պայքարիլ, անոնց անդամները արդարադատութեան առջեւ հաշուետուութեան ենթարկել, ՏԱՀԵՇ-ի գործունէութենէն վնասուած խմբաւորումներու շրջաններուն վերակառուցման օժանդակել եւ մարդասիրական գործողութեանց նպաստել, ինչպէս նաեւ աջակցիլ այն պետութեանց, որոնք ամէնէն շատ վտանգուած են ՏԱՀԵՇ-էն:

Հակառակ ժողովին իր մասնակցութեան` Թուրքիա մերժեց ստորագրել հաղորդագրութիւնը:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի արաբ ղեկավարներէն արտօնութիւն խնդրած է շրջանին մէջ ռազմակայանները աւելի օգտագործելու եւ այդ երկիրներուն օդային տարածքը յաւելեալ թռիչքներու համար օգտագործելու:

Նշենք, որ նախքան արաբական երկիրները, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու աջակցութիւն յայտնեց ՏԱՀԵՇ-ը հարուածելու ամերիկեան ծրագիրին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մոսկուա առանց ՄԱԿ-ի որոշումին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ օդային հարուածներ հասցնելը նախայարձակման դրսեւորում պիտի նկատէ: Ռուսական կողմը կ’ընդգծէ, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է ատիկա ընելու առանց Սուրիոյ «օրինական» իշխանութեանց համաձայնութեան: Ռուսիա այդպիսի քայլ մը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում կ’որակէ: Մոսկուա նաեւ այն կարծիքը ունի, որ այդ պարագային պիտի հարուածուին նաեւ սուրիական կառավարական ուժերը, ինչ որ աւելի պիտի սրէ սուրիական տագնապը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ սուրիական հողերուն վրայ առանց Դամասկոսի հաւանութեան ամերիկեան որեւէ գործողութիւն յարձակում է:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա համաձայն գտնուած է հիւրընկալելու սուրիացի չափաւորական ընդդիմադիրները մարզելու ճամբարները, որոնց ստեղծումը մաս կը կազմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ամերիկեան ծրագիրին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց, որ ամերիկեան բանակը պատրաստ է գործադրելու որեւէ հրաման, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կ’արձակէ ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի նոր յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տէ Միսթուրայի հետ: Ասատ ըսաւ. «Սուրիոյ եւ շրջանի իրադարձութիւնները ահաբեկչութեան դէմ պայքարը առաջնահերթութեան վերածեցին, որովհետեւ անիկա վերածուեցաւ բոլորին սպառնացող մեծագոյն վտանգին: Այդ ծիրին մէջ որեւէ յառաջընթաց կը նպաստէ ազգային հաշտութեան, որ մինչեւ հիմա յաջողեցաւ սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ եւ ներսուրիական երկխօսութեան ուղղութեամբ մեկնակէտ մըն է»:

 

 

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Յոյն Համայնքի Համալսարան Մը Բանալու Ծրագիր

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Այսօր Կը Սկսի Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներու Կիրարկումը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.