Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 12, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցիլ փափաքող թեկնածուներէն պահանջեց իրենց փաստաթուղթերով ներկայանալ ներքին գործոց նախարարութիւն եւ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավարութիւնը խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումները` հաստատելով, որ ահաբեկչութեան, բռնարարքներուն եւ բռնագաղթին դէմ դնելը ազգային միացեալ պատասխանատուութիւն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի` Ժետտայի մէջ ահաբեկչութեան դէմ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան շրջագիծին մէջ, պիտի այցելէ նաեւ շրջանային շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին է Լիբանան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին արաբական շրջանը քայքայել եւ ուժանիւթի աղբիւրները հակակշիռի տակ առնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ այսօր Լիբանանը պահպանելու միակ միջոցը չափաւորականութեան պահպանումն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ 2012-էն ի վեր իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնը պէտք եղած արագութեամբ կը կատարուի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն հիման վրայ նշուեցաւ, որ 98 օքթան պենզինի թիթեղին եւ մազութի թիթեղին սակերը 100 լ. ոսկիով նուազած են, իսկ 95 օքթան պենզինի թիթեղին գինը մնացած է նոյնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սէուտական աղբիւրներ նշած են, որ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան որոշումին ստորագրութիւնը Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին իրաւասութիւնն է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով արձանագրուած յապաղումը քաղաքական որոշում է եւ ոչ թէ թեքնիք ուշացում:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպումին մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը չէ անդրադարձած անոնց միջեւ տիրող տարակարծութիւններուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ ինք իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ քրիստոնեաներուն ճակատագիրը ուղղակիօրէն առնչուած է իսլամներուն ճակատագիրին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Նիւ Եորքի առաջնորդ Կրեկորի Մանսուր եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն շրջանին մէջ քրիստոնեայ գոյութիւնը ամրապնդելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական տեղքայլի իրավիճակ մը կը տիրէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը վարուին այնպէս մը, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր գոյութիւն չունին:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ քաղաքական ուժերը կը նոյնանան` սուրիացիներուն դէմ իրենց ցեղապաշտութեան մէջ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը տեղեակ պահած է, թէ ինք ապահովութիւնը խախտող ոչ մէկ անհատ կը հովանաւորէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպումին ընթացքին ապահովական հարցը շատ աւելի լուրջ քննարկումի արժանացած է, քան` նախագահական ընտրութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ կառավարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ առեւանգեալ զինուորները Արսալէն ազատ արձակելու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը պէտք է տեղեկատուական մարզէն հեռու պահել:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աֆրամ Քիրիաքոս եպիսկոպոս շեշտեց լիբանանեան պետութեան կողմէ հիւսիսային Լիբանանի բարգաւաճումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալեն Հաքիմ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է արագացնել դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը կասեցնելու որոշումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ կոչ ուղղեց կառավարութեան ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները` առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարին առումով:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը բնակակցութեան կառավարութենէն պէտք է վերածուի ազգային միասնականութեան իսկական կառավարութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները գետնի վրայ տկար են եւ պէտք է որդեգրեն իրենց դիրքերը զօրացնող միջոցներ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար, երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ իսլամական բանտարկեալները դատավարութեան ենթարկելու ուշացումը սահմանադրական խախտում կը նկատուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց ամէն գնով ազատ արձակելու առեւանգուած բանակայինները:

ՏԸՆՆԻԷԻ Քահֆ Մլուլ շրջանի եկեղեցւոյ մէջ Տիրամօր արձանը քանդուած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա քաջ գիտեն, թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմելու համար սուրիական վարչակարգին հետ գործակցելու կարիք պիտի ըլլայ, հետեւաբար անոնք ստեղծած են սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ սուրիական վարչակարգին նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութիւնը Սուրիոյ նկատմամբ զօրակցութիւն է` աւելցնելով, որ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ միասնականութեան խորհրդանիշն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է խորհրդարանի աշխատանքները աշխուժացնել եւ անոր օրէնսդրական դերակատարութիւնը ամրապնդել` վաւերացնելով արդիական ընտրական օրէնք մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին արտակարգ պայմաններ կը դիմագրաւէ, հետեւաբար հանրապետութեան արտակարգ նախագահ մը ընտրելու կարիքը հետզհետէ կը զգացուի:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի համախոհական նախագահ մը ընտրելու նպատակով Փարիզ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ Իրանի եւ Վատիկանի հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները մերժողը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հակառակորդ կողմն է:

ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Սայտայի եւ Տէյր Քամարի առաջնորդ Էլի Հատտատ եպիսկոպոս շեշտեց, որ իսլամական աւանդական երկիրները ծայրայեղութենէն շատ աւելի կը սարսափին, քան` քրիստոնեաները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց արագացնելու աշխատանքը` հարուածելու համար ՏԱՀԵՇ-ի յայտնաբերման բոլոր պատճառները:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Արսալի մէջ ճակատ մը բանալու, ինչ ալ ըլլան անոր հետեւանքները:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը որոշած է իր թեկնածուները առաջադրել երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանան վերադառնալէ ետք նախ եւ առաջ պիտի հետապնդէ նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնը:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Այսօր Կը Սկսի Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներու Կիրարկումը

Յաջորդը

Նախարար Ապու Ֆաուրի Որոշումով Այն Ռըմմանէի «Սնաուպրա» Դարմանատունը Փակուեցաւ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.