
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Յոյներու կեդրոնական աղջկանց վարժարանի հոգաբարձութիւնը առաջին քայլ մը առած է օսմանեան շրջանին գործած, սակայն հետագայ տարիներուն փակուած իր համալսարանը վերաբանալու համար: Վարժարանը, որ չորս յարկանի էր, կը գտնուէր Թաքսիմի «Իլք Եարտըմ» հիւանդանոցին ետեւ, Մաչ փողոցին մէջ: Մէկ տարի առաջ այս պատմական շէնքը վերադարձուեցաւ յոյն համայնքին, որ իր կարգին վերադարձուած այս շէնքը իբրեւ համալսարան օգտագործելու համար դիմում ներկայացուց Կալուածոց ընդհանուր տնօրէնութեան:
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ այս նիւթը արծարծելու եւ մշակելու համար անցեալ երկուշաբթի օր գումարուած է ժողով մը, որուն մասնակցած է նաեւ յոյներու պատրիարքը` Բարթողիմէոս: Ժողովականներու շարքին եղած են հոգաբարձութեան անդամներ, փրոֆ. Էրսի Ապաճը Գալֆօղլու, փրոֆ. Էւա Ալեքսանտրու Շարլաք, բիւզանդական պատմութեան մասնագէտ Էվկենիա Ատամաթիտի, երաժիշտ Սթելիոս Պէրպէր եւ գործարար Եորկօ Սարիս:
Նորահաստատ համալսարանը պիտի կատարէ երեք լեզուներով ուսուցում` անգլերէն, թրքերէն եւ յունարէն: Այս ծրագիրին մասին արտայայտուած է փրոֆ. Գալֆօղլու, որ յայտնած է, թէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այս շէնքը իբրեւ համալսարան օգտագործելու ծրագիրը բանաւոր գտած է եւ այս ծրագիրին իրականացման համար իրենց զօրավիգ կը կանգնի: Մօտ օրէն պիտի տրուի իրենց պաշտօնական հրամանագիրը: Փրոֆ. Էրսի Ապաճ Գալֆօղլու յայտնած է, որ փոքրամասնութիւնները 1800-ական թուականներուն ունէին բժշկական ակադեմիա, գիտական ակադեմիա անունով համալսարաններ, ուստի անցեալին մէջ գոյութիւն ունեցած կրթական այս հաստատութիւնները վերաբանալու նպատակ կը հետապնդեն: «Կը փափաքինք աշխարհի չորս ծագերէն ուսանողներ ընդունիլ եւ անոնց ուսման ծառայել: Համալսարանին մէջ միայն փոքրամասնութիւններու զաւակները պիտի չուսանին: Աշխարհի չորս ծագերէն տարբեր ազգերու զաւակները պիտի կարենան օգտուիլ այս համալսարանէն: Յունապատկան այս շէնքին վերանորոգութեան համար 4-8 միլիոն թրքական լիրայի կարիք կայ: Այս ձեռնարկին համար կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերը մեզի յոյս կը ներշնչեն», ըսած է Գալֆօղլու: Նորահաստատ այս համալսարանին մէջ պիտի բացուին բժշկութեան, գիտութեան-գրականութեան, իրաւագիտութեան եւ ճարտարապետութեան ճիւղեր: «Պոլիս քաղաքը մինչեւ յաւերժութիւն, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան քաղաքի մը պիտի վերածենք», ըսաւ Գալֆօղլու:
Յոյներու Բարթողիմէոս պատրիարքը եւս յայտնած է, որ դրական կը նկատէ առնուած քայլերը: «Հակառակ մեր դիմաց ցցուած բոլոր արգելքներուն, այս ձեռնարկին միջամուխ եղողները պէտք է քաջալերենք: Որովհետեւ դժուար բաները քաջագործ անձերու կողմէ կ՛իրականացուին», ըսած է պատրիարքը:
«Մարմարա» կը գրէ, որ կ՛ըսուի, թէ յունաց այս կալուածը իբրեւ համալսարան օգտագործելու համար իրաւական որեւէ արգելք չկայ: Համալսարանը պիտի հաստատուի Բարձրագոյն ուսումնական խորհուրդի, կրթութեան նախարարութեան եւ Նախարարաց խորհուրդի արտօնութեամբ: Արտօնութենէն տարի մը ետք ալ համալսարանը պիտի սկսի ուսանող ընդունիլ եւ գործել:


