Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քամերոն Կոչ Կ՛ուղղէ Սկովտիան Բրիտանիոյ Կազմին Մէջ Պահելու

September 12, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տէյվիտ Քամերոն
Տէյվիտ Քամերոն

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Բրիտանիոյ խորհրդարանական ընտրութեանց ընտրարշաւի ծիրին մէջ Էտինպըրկ իր այցելութեան ընթացքին նաեւ անդրադարձաւ Սկովտիոյ անկախութեան հարցին եւ կոչ ուղղեց Սկովտիան Բրիտանիոյ կազմին մէջ պահելու:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ իր կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն ընթացքին աւելի լա՞ւ արդիւնք ձեռք կը բերէ, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները առանց Սկովտիոյ կատարուին, ան ըսաւ. «Անոր պատասխանս այն է, որ աւելի իմ երկիրս կը սիրեմ, քան կուսակցութիւնս»:

«Ես պիտի սրտաբեկուիմ, եթէ ազգերու այս ընտանիքը, որ միասնաբար կազմեցինք ու միասնաբար այնքան հոյակապ բաներ ըրինք, մասնատուի», ըսաւ Քամերոն:

Նոյն օրը ընտրական օրակարգով Սկովտիա այցելեցին նաեւ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Էտ Միլիպանտ եւ փոխվարչապետ Նիք Քլեկ:

«Տէյլի Մէյլ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ նաեւ վարչապետին յօդուածը, որուն մէջ ան նշեց, որ բրիտանացիներուն միասնութիւնը շատ կարեւոր է եւ պէտք չէ խարխլել զայն: Ան նշեց, որ Սկովտիան պատմական ընտրութեան առջեւ է, որմէ ետք ետդարձի ճամբայ պիտի չըլլայ:

Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Ճոն Մէյճըր երէկ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ Սկովտիոյ անկախութիւնը «խոր» հետեւանքներ պիտի ունենայ Բրիտանիոյ մէջ բոլորին վրայ:

Նախանցեալ օր Լոնտոնի մէջ Բրիտանիոյ վարչապետի նստավայրին վրայ բարձրացուեցաւ Սկովտիոյ դրօշը: «Իզվեսթիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ դրօշը բարձրացուած է` ի նշան Բրիտանիոյ միասնականութեան:

Քամերոնի գրասենեակէն յայտնած են, որ դրօշը պիտի ծածանի մինչեւ 18 սեպտեմբեր` Սկովտիոյ անկախութեան հանրաքուէի օրը:

Միւս կողմէ, «Քոմերսանթ» կայքը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ թագուհի Էլիզապեթ Բ.-ը պիտի չմասնակցի Սկովտիոյ անկախութեան վերաբերեալ քննարկումին: «Որեւէ ենթադրութիւն այն մասին, որ թագուհին ցանկութիւն ունի հանրաքուէի նախօրեակին ազդելու արշաւի արդիւնքներուն վրայ, բացարձակապէս չեն համապատասխաներ ճշմարտութեան: Թագուհին պարզապէս այն կարծիքին հակուած է, որ ատիկա Սկովտիոյ ժողովուրդին գործն է», կը նշուի Պաքինկհամ պալատի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

«Իպոլա Ժահրը Կրնայ Լիպերիան Ջնջել Երկրի Երեսէն» Կ՛ըսէ Լիպերիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Յոյն Համայնքի Համալսարան Մը Բանալու Ծրագիր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.