Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իպոլա Ժահրը Կրնայ Լիպերիան Ջնջել Երկրի Երեսէն» Կ՛ըսէ Լիպերիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

September 12, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0910_LiberiaLifenews.ru կը հաղորդէ, որ Լիպերիոյ պաշտպանութեան նախարար Պրաունի Սամուքայ յայտարարած է, որ Իպոլա ժահրը տարածուած է պետութեան 15 շրջաններէն 9-ին մէջ «անտառային հրդեհի նման` իր ճամբուն վրայ ոչնչացնելով ամէն ինչ»:

Սամուքայ ընդգծած է, որ Լիպերիոյ բժշկական թոյլ ենթակառոյցը «լեցուած է» հիւանդներով, եւ պետութիւնը կը զգայ արհեստավարժ բժիշկներու եւ հիւանդութեան դէմ պայքարի ֆինանսաւորման պակասը:

ՄԱԿ-ի մէջ Լիպերիոյ դեսպան Քարին Լանտկրեն յայտարարած է, որ պետութեան առնուազն 160 բժիշկ վարակուած է Իպոլայով, եւ անոնց կէսը արդէն մահացած է: Ան զգուշացուցած է, որ Լիպերիոյ մէջ ժահրով վարակուելու դէպքերու մասին իրական տուեալները եւ մահացածներու թիւը նուազեցուած են: Լանտկրեն նշած է, որ համաճարակը բացասական հետեւանքներ կ՛ունենայ պետութեան տնտեսութեան, անվտանգութեան, ընկերային եւ քաղաքական մարզերուն վրայ:

Դեսպանը նշած է, որ Իպոլայի համաճարակը դարձած է մեծագոյն սպառնալիքը աւարտէն ետք 14-ամեայ քաղաքացիական պատերազմին, որ 250 հազար մարդու կեանք խլած է:

Վրաստանի Մէջ 57 Մարդ Կը Գտնուի
Վերահսկողութեան Տակ

Վրաստանի Հիւանդութիւններու եւ հասարակական առողջութեան վերահսկման ազգային կեդրոնի փոխնախագահ Փաթա Իմնածէ «Նովոսթի Կրուզիա»-ին յայտնած է, որ Վրաստանի մէջ Իպոլա Ժահրի բացայայտման համար հսկողութեան տակ կը գտնուին 57 անձեր, որոնք շուրջ մէկ ամիս առաջ ժամանած են Վրաստան: Ներկայ պահուս հսկողութեան տակ կը գտնուին 57 անձեր, որոնք հիմնականին մէջ ուսանողներ են Նիկերիայէն: 170 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Նիկերիոյ մէջ Իպոլա Ժահրի միայն 22 դէպք արձանագրուած է», ըսած է Իմնածէ` աւելցնելով, որ ներկայ պահուս Վրաստանի մէջ ժահրով վարակուած հիւանդ չկայ:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան չորեքշաբթի օր հրապարակած տուեալներուն համաձայն, Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ Իպոլա ժահրէն մահացած մարդոց թիւը հասած է 2296-ի: Հիւանդութենէն կը տառապի 4293 մարդ: Ինչպէս մասնագէտները կը նշեն, ասիկա պատմութեան մէջ ժահրին ամէնէն լայնածաւալ համաճարակն է:

 

 

Նախորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. «Պօղոս Սնապեան» Հատորի Գինեձօն

Յաջորդը

Քամերոն Կոչ Կ՛ուղղէ Սկովտիան Բրիտանիոյ Կազմին Մէջ Պահելու

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.