Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարք Քըրք Փորձեց Յստակացնել Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուի Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով

September 10, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor090863947Միացեալ Նահանգներու Իլինոյս նահանգէն ընտրուած ծերակուտական Մարք Քըրք հարցում մը ուղղած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Ճոն Պասին` ակնկալելով ստանալ անոր յստակ դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը «Արմէնփրես»-ին հաղորդեց, որ Քըրք յիշեցուցած է, որ 15 յուլիս 2014-ին ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ իր ելոյթին ժամանակ Պաս յայտնած էր, որ «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը իբրեւ պատմական փաստ կը ճանչնայ եւ կ՛ոգեկոչէ մահը 1.5 միլիոն հայերուն, որոնք սպաննուեցան կամ մահուան աքսորը բռնեցին Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն ընթացքին»:

Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականը հարցուցած է, թէ արդեօք Պաս կրնա՞յ յստակացնել, թէ ո՞ր խումբը կամ խումբերը պատասխանատու են 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան համար, եւ արդեօք Թուրքիոյ մէջ ապագայ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կը համաձայնի՞ Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ 11 պետութիւններուն հետ, որոնք պաշտօնապէս այդ սպանութիւնները որակած են իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն:

«Իբրեւ դեսպան` դուք կը պաշտպանէ՞ք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուածներու ժառանգներու իրաւունքները, որպէսզի անոնք ստանան փոխհատուցում Թուրքիոյ Հանրապետութենէն», այսպիսի հարցում ուղղած է  Մարք Քըրք: Յիշեցնելով Պասի խօսքերը առ այն, որ դեսպանի կարգավիճակին մէջ թրքական կառավարութեան կոչ պիտի ուղղէ վերադարձնելու քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններէն խլուած կրօնական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի պաշտպանէ կրօնական ազատութեան իրաւունքը Թուրքիոյ մէջ, Քըրք խնդրած է յստակացնել, թէ ի՞նչ յստակ քայլեր ան կը պատրաստուի կատարել եւ արդեօք պատրա՞ստ է բարձրացնելու վերոնշեալ խնդիրը թրքական կառավարութեան առջեւ:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը արձակուրդի մեկնեցաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար Ճոն Պասի թեկնածութիւնը չհաստատած:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց ծերակոյտի որոշումը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դէմ արտայայտուած էր Ճոն Պասի թեկնածութեան Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար` նշելով. «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը չի կրնար սատարել Ճոն Պասի թեկնածութեան` հիմնուելով ծերակոյտին մէջ անոր ունեցած ելոյթներուն վրայ, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին նախագահ Օպամայի խախտած խոստումին մէկ մասն են եւ աւելի կ՛ամրապնդեն Թուրքիոյ «բերան փակող» գերակայութիւնը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վրայ»:

29 յուլիսին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քննարկումներուն ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբը շարք մը ծերակուտականներու միջոցով հարցեր ուղղած էր Ճոն Պասին` ամերիկահայերը յուզող շարք մը խնդիրներու շուրջ: Իր ելոյթին մէջ դիւանագէտը խուսափած էր օսմանեան թուրքերու կողմէ հայերու կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն բնութագրելէ եւ փոխարէնը, կիրարկելով «ընդհանուր պատմութիւն» որակաւորումը, գովաբանած էր Թուրքիոյ օրուան վարչապետ Էրտողանի 23 ապրիլի «ցաւակցական» ուղերձը հայ ժողովուրդին:

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Պաշտօնապէս Կը Ստանձնէ Առեւանգուած Զինուորները Ազատ Արձակելու Առաքելութիւնը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Շուրջ Ֆրանսայի Աչքերը Միշտ Բաց Կը Պահէ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.