Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ Պաշտօնապէս Կը Ստանձնէ Առեւանգուած Զինուորները Ազատ Արձակելու Առաքելութիւնը

September 10, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0909_arsal_guardԱռեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու ջանքերը կը շարունակեն մնալ երկրին առաջնահերթութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ սակայն դրական որեւէ զարգացում կարելի չեղաւ արձանագրել:

Լիբանանեան բանակը երէկ փակեց Արսալի բարձունքները տանող ճամբան, որ արեւելեան Արսալի լեռնային շրջանին մէջ գտնուող զինեալներուն շնչառութեան միակ երակն էր: Իսկ նախանցեալ երեկոյեան բանակը դիրքեր գրաւեց Ուատի Հոսնի դիմաց գտնուող բարձունքներուն վրայ:

Մինչ լիբանանեան բանակը կը փորձէր իր հակակշիռին տակ առնել զինեալ բախումները, սուրիական օդուժը ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:

Միւս կողմէ, առեւանգուած ոստիկան Ապպաս Մշէյքի ընտանիքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ իր զաւակէն, որ յայտնեց, թէ առեւանգուած զինուորները ողջ-առողջ են, եւ պահանջեց իր ընտանիքէն նստացոյցեր կատարել իրենց ազատ արձակումը պահանջելու համար:

Աւելի ուշ, շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան ինք բանակային Ժորժ Խուրիի ծնողքը փոխադրած է Արսալի բարձունքները, ուր անոնք հանդիպած են իրենց զաւկին: Ան աւելցուց, որ վերադարձին անոնք ենթարկուած են կրակոցի:

Վարչապետարանին Մէջ

0909_NISDՎարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ ընդունեց առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները` ներկայութեամբ առեւանգուած զինուորներու ազատ արձակումին հարցը հետապնդող նախարարական յանձնախումբին անդամներուն, որոնց միացաւ նաեւ  Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Առեւանգուած զինուորներուն հարազատները վարչապետարանէն մեկնումի պահուն շեշտեցին, որ իրենց զաւակները նաեւ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն զաւակներն են, հետեւաբար անոնք իրենց ճակատագիրին պիտի չլքուին:

Զինուորներուն ընտանիքները շեշտեցին, որ իրենք յաւելեալ շարժումներու եւ մագլցողական քայլերու պիտի չնախաձեռնեն:

Նախարարական յանձնախումբը, նախագահութեամբ վարչապետ Սալամի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին սկսաւ իր նիստին:

Նիստէն ետք վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ առեւանգողներուն պահանջները տակաւին յստակ չեն` աւելցնելով, որ անոնք կը ջանան լիբանանեան միասնականութիւնը խզել:

Սալամ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը լիբանանեան բանակին նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն ունի եւ անոր քաղաքական հովանաւորութիւն ներկայացուցած է, որպէսզի առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով կատարէ այն, ինչ որ յարմար կը գտնէ: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը

լուսարձակներէ հեռու կը մնան, եւ այս դժուար կացութեան ընթացքին պահանջուածը համբերութիւնն է:

«Մենք կը գտնուինք հրէշներու դիմաց, որոնք անկրօն են եւ որոնց հետ վարուիլը դժուար է եւ չի կրնար աւանդական ըլլալ», շեշտեց Սալամ:

Նշենք, որ Ապպաս Իպրահիմ վարչապետարան մուտք գործելու պահուն յայտնեց, որ ինք տակաւին կը հաւատայ առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին` աւելցնելով, որ զինուորներուն գլխատումը երկիրը իրարանցումի կը մատնէ:

Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք պաշտօնապէս ստանձնած է առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը եւ այդ հարցով  քանի մը ժամէն պիտի մեկնի Քաթար, ուր պիտի ներկայացնէ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի պահանջները եւ անոնց մասին Լիբանանի կառավարութեան պատասխանը:

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Կը Դատապարտէ Զինուորներուն Գլխատումը

Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանցի երկու զինուորներու գլխատումը ոճրային ահաւոր արարք մըն է:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոման Նատալ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանցի զինուորներուն գլխատումը քստմնելի ոճիր մը կը նկատուի եւ ցոյց կու տայ այդ կազմակերպութեան վայրագութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ ահաբեկչութեան դիմադրելու իրենց կամքը:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա – Զօր. Աուն Հանդիպում

Յաջորդը

Մարք Քըրք Փորձեց Յստակացնել Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուի Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.