
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ունեցած են հանդիպում մը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, սէյիտ Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի:
Հըզպալլայի տեղեկատու գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային վտանգաւոր իրադարձութիւնները, պետական ահաբեկչութիւնը, որ կը գործուի Իսրայէլի եւ իսրայէլեան սպառնալիքներուն ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ալիքին վտանգը, որուն պէտք է դէմ դնել: Ըստ հաղորդագրութեան, ներկաները հաստատեցին, որ իրենք վտանգները նախատեսած են եւ զգուշացուցած Լիբանանի մէջ համայնքային բաժանումներէ ու շրջանային քանդումներէ: Անոնք ընդգծեցին իրենց միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրին կարեւորութիւնը եւ քաջալերեցին բոլորը որդեգրելու զայն` ամրապնդելու համար լիբանանեան ներքին կացութիւնը` պարտադրուած սադրանքներուն դիմադրելու նպատակով:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ բոլոր միջոցներով, յատկապէս ազգային միասնականութեան ամրապնդումով պայքարելու անհրաժեշտութիւնը, լիբանանեան ներքին կայունութիւնը պահպանելու եւ սահմանադրական առողջ հիմերու վրայ պետութեան կերտման կարեւորութիւնը:


