
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք, համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց լիբանանեան նախաձեռնութեան մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ բանակին կացութեան ամրապնդումը:

«Յայտարարուած նուիրատուութիւններուն պէտք չէ սպասել», ըսաւ Քանաան` աւելցնելով սակայն, որ ատիկա չի նշանակեր, որ նուիրատուութիւնները պահանջուած չեն:
Միւս կողմէ, Քանաան յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ որոշած է դիւրութիւններ ընծայել եւ Սուրիա վերադառնալ փափաքող քաղաքացիներէն տուրքի գանձման դրութեան վերջ տալ, սակայն ՄԱԿ այս որոշումին դէմ կողմնորոշուած է: Հետեւաբար ան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին հետ քննարկելու այս հարցը` իմանալու համար, որ այդ որոշումին առնչութեամբ ինչո՛ւ անոր կեցուածքը ժխտական է:
Քանաան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ պայքարելու անկրօն եւ անաստուած նկատուող հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ:


