
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը պէտք չէ լիբանանցիներուն միջեւ քաղաքացիական գրգռութեան միջոցի վերածել, այլ` համախոհութիւն գոյացնել եւ համագործակցիլ` ազատ արձակելու համար զանոնք:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ ինքնազսպումի ենթարկեն իրենց հետեւորդները` առիթ տալով, որ կառավարութիւնը առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարին հետ իբրեւ պետութիւն վարուի:
Վարչապետ Սալամի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ, պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ:


