
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին եւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինին, որոնց ներկայութեան կոչ ուղղեց զօրակցելու կառավարութեան ջանքերուն եւ ամրապնդելու անոր կեցուածքը` առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը լուծելու եւ զանոնք ողջ-առողջ պահելու համար:
Սլէյման միջազգային ընտանիքէն պահանջեց օժանդակել Լիբանանի կառավարութեան, գործադրելու միջազգային բանաձեւերը եւ զօրակցելու բանակին` դէմ դնելու համար ահաբեկչութեան:
Սլէյման կոչ ուղղեց պահեստի ուժերը զօրակոչի ենթարկելու եւ անոնց յանձնելու երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու պարտականութիւնը:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է գործադրեն «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը` Լիբանանը շրջանային տագնապներէ զերծ կացուցելու նպատակով:


