
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Virtualaz.org» կայքը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատունը խիստ ոճով անդրադարձած է երկուշաբթի օր Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Աշխարհի ազրպէյճանցիներու համագումարին, որուն ընթացքին Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Եանուս Ռուսթամխանլը կոչ ուղղած է մասնատելու Իրանը:
Դեսպանատունը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտած է այդ նիստը, եւ Աշխարհի ազրպէյճանցիներու քոնկրեսը մեղադրած Իրանի մէջ անջատողականութիւն սերմանելու ձգտումներուն մէջ:
«Այս նիստին ընթացքին իրանցի եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու թշնամիներուն երկար տարիներ ծառայած անձեր այժմ կը սպառնան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման, եւ սիոնական վարչակարգին հետ միասին կը զբաղին մեր երկու ազգերուն միջեւ բարեկամութեան թուլացումով ու անջատողական մտքեր տարածելով», կ՛ըսուի դեսպանատան կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատունը անպատասխան պիտի չձգէ Իրանի դէմ քոնկրեսի դրսեւորած անյարգալից վերաբերմունքը, եւ հետամուտ պիտի ըլլայ հասնիլ իրանեան ժողովուրդին հասցուած վիրաւորանքներու իրաւական գնահատականին:
«Virtualaz.org» կը գրէ. «Ի հարկէ, Պաքու կրնայ յայտարարել եւ «արդարանալ», որ Ռուսթամխանլը ընդդիմադիր է, եւ անոր անջատողական կոչերը ոչ մէկ կապ ունին իրեն հետ: Հարցը այն է, թէ արդեօք պիտի հաւատա՞յ ատոր Իրանը, ինչի մասին խիստ կը կասկածինք»:


