Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քամերոն Այսօր Պիտի Այցելէ Սկովտիա` Բնակչութիւնը Համոզելու Անկախութեան Դէմ Քուէարկելու

September 10, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0909_UK-Scotland«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Էտ Միլիպանտ «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, փոխվարչապետ Նիք Քլեկ եւ ինք այսօր կը մեկնին Սկովտիա` տեղւոյն քուէարկողները համոզելու քուէարկելու շրջանի անկախութեան դէմ:

«Սկովտիացիներուն մեր ուղերձը պարզ պիտի ըլլայ` «մենք կ՛ուզենք, որ դուք մնաք», նշած է բրիտանացի երեսփոխանը:

«Մեզ շատ բան կը բաժնէ, սակայն կայ մէկ այլ կէտ, որուն մէջ մենք սրտանց կը համաձայնինք. Բրիտանիան աւելի լաւ է միասնութեան մէջ», աւելցուցած է ան:

Նախապէս, Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ճորճ Օսպըրն յայտարարած էր, որ պետութիւնը պատրաստ է աւելի լայն ինքնավարութիւն տրամադրելու Սկովտիոյ, եթէ Էտինպուրկ հրաժարի անկախութեան հարցին շուրջ հանրաքուէէն: Ըստ անոր, աւելի լայն իրաւունքներ կրնան տրամադրուիլ հարկերու եւ ընկերային մարզերուն մէջ:

Միւս կողմէ, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ելեւմտական կարգաւորման վերահսկողութեան հարցերով բրիտանական վարչութեան ղեկավար Ճոն Կրիֆիթ-Ճոնզ յայտնած է, որ Բրիտանիոյ մէջ արտակարգ միջոցառումներ մշակած են Սկովտիոյ անկախութեան հռչակման պարագային: «Մենք մշակած ենք հիմնական միջոցառումներու ծրագիր` իրադարձութիւններու այդպիսի զարգացման պարագայի համար», յայտարարած է ան Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատի ելեւմուտքի հարցերու յանձնախումբին մէջ:

Ըստ անոր, միջոցառումները կը վերաբերին մասնաւորաբար խորհրդատուական ծառայութիւններու տրամադրման մարդոց, որոնք պէտք է ստանան «զիրենք հետաքրքրող բոլոր հարցերուն» պատասխանները: Ատիկա կը պահանջէ անհրաժեշտ թիւով մասնագէտներու գոյութիւն:

Ըստ «Թի.Էն.Էս.» ընկերութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզին, հանրաքուէէն 9 օր առաջ Սկովտիոյ անկախութեան զօրակցութեան համեմատութիւնը 38 առ հարիւր է, իսկ անոր դէմ` 39 առ հարիւր: Մէկ ամիս առաջ, ինչպէս կը նշէ «Թի.Էն.Էս.», Սկովտիոյ անջատման կողմնակիցներուն համեմատութիւնը միայն 32 առ հարիւր էր, իսկ դէմ եղողներունը` 45 առ հարիւր:

Նախապէս «ԵուԿով»-ի եւ «Սանտէյ Թայմզ»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուած էր, որ անկախութեան օգտին պատրաստ է քուէարկելու Սկովտիոյ բնակչութեան 51 առ հարիւրը, իսկ դէմ` 49 առ հարիւրը:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան Նոր Պատժամիջոցներու Կիրարկումը Յետաձգուած Է

Յաջորդը

Ազրպէյճանցի Երեսփոխանը Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Նոր Լարուածութիւն Ստեղծած Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.