
Ազրպէյճանական «Haqqin.az» կայքը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ Կանաչներու շարժումի ղեկավար, Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Ուլրիքէ Լունաչեք Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցին կոչ ուղղած է Ազրպէյճան կատարելիք իր աշխատանքային այցելութենէն հրաժարելու:
Ան նշած է, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը այդ քայլով պէտք է իր բողոքը արտայայտէ ընդդէմ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ լրագրող Եութէ Պաուըրին մուտքի արտօնագիր չտալուն: Վերջինս պէտք էր ուղեկցէր Քուրցին: Լրագրողը մեղադրուած է առանց ազրպէյճանական իշխանութիւններու արտօնութեան Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու համար եւ ներառուած «սեւ ցուցակ»-ին վրայ:
Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահը Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարի ուշադրութեան յանձնած է, որ աւստրիացի լրագրողին մուտքը արգիլուած է Ազրպէյճան, ուր լրատուամիջոցներու ազատութիւնը սահմանափակումներու եւ ճնշումներու ենթակայ է:


