Ռուսիոյ զինեալ ուժերու Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական խարիսխը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 3 սեպտեմբերէն սկսեալ գումարտակային մարտավարական միացեալ ռազմափորձերու սկսած են:
Ռազմափորձերուն կը մասնակցին 1500 զինուոր եւ 300 միաւոր զրահապատ կառքեր, յատուկ սարքեր եւ ինքնաշարժներ:
«Ռուսական կողմը ռազմափորձին կը մասնակցի Հարաւային զինուորական շրջանի ռուսական խարիսխի ուժեղացած գումարտակով եւ
«Միկ-29» կործանիչներու ջոկատով», «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնած են Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութենէն` նշելով, որ ռազմափորձերուն ընթացքին շղթայազերծուող «մարտին» կը հետեւին «Զասթաւա» եւ «Նավոտչիկ-2» անօդաչու թռչող սարքեր:
Ռազմափորձերը, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 7 սեպտեմբեր, տեղի կ՛ունենան «Ալագեազ» բարձրադիր ուսումնական վարժարանի տարածքին մէջ:


