Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան սպայակոյտի պետ զօրավար Միխայիլ Քոսթարաքոսի հրաւէրով 1-էն 3 սեպտեմբերին Հայաստանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունաստան:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Եուրի Խաչատուրով հանդիպումներ ունեցած է զօրավար Միխայիլ Քոսթարաքոսի եւ Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան
փոխնախարար Ֆոֆի Կենիմաթայի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Երկուստեք բարձր գնահատուած է հայ-յունական երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը եւ զարգացման ներուժը: Քննարկուած են ե՛ւ 2015 թուականին ծրագրաւորուող, ե՛ւ աւելի երկարաժամկէտ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով նաեւ այցելած է Յունաստանի ցամաքային ուժերու հետեւակային դպրոց, ինչպէս նաեւ արարողակարգային ձեռնարկներու ծիրին մէջ ծաղկեպսակ զետեղած է Անյայտ զինուորի դամբարանին:


