
Ազրպէյճանի գերութենէն վերջերս փրկուած եւ երրորդ երկիր տեղափոխուած Յակոբ Ինջիղուլեան ինքզինք լաւ կը զգայ: Այս մասին «Երկիր»-ին յայտնեց Յակոբին եղբայրը` Յարութիւն Ինջիղուլեան: «Երեքշաբթի «սքայփ»-ով խօսեցանք անոր հետ, ամէն բան բնականոն ընթացքի մէջ է: Տակաւին ոչ մէկ բանով կը զբաղի», յայտնեց Յարութիւն, նաեւ նշեց, որ զրոյցին ընթացքին Յակոբը նոյնիսկ տեսած են: Ըստ Յարութիւնին, Յակոբ Հայաստան գալ կ՛ուզէ, սակայն տակաւին չէ հասած այն երրորդ երկիրը, որ իրեն ապաստան պիտի տայ: Եւ միայն այնտեղ հասնելէ ետք կը յստականայ, թէ ի՛նչ պայմաններով այդ պետութիւնը զինք պիտի ընդունի, եւ արդեօք կրնա՞յ Հայաստան վերադառնալ, եւ ատիկա ե՞րբ կարելի կ՛ըլլայ: Իսկ ինչ կը վերաբերի գտնուելու վայրին, Յարութիւն նշեց, թէ իրենց տեղեկութիւններով, Յակոբ Եւրոպայի մէջ չէ:


