Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Ընդունեց Արժանթինի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

September 5, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0903_Nalbandian_ArgentineՀայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ընդունեց Արժանթինի արտաքին գործոց փոխնախարար Էտուարտօ  Անթոնիօ Սուայինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Երեւան եկած էր արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններ ունենալու  նպատակով:

Ողջունելով հիւրերը  նախարար Նալբանդեան  ընդգծեց, որ յուլիսին  Հայաստանի նախագահին  Արժանթին պաշտօնական այցելութիւնը նոր թափ տուած է տարբեր մարզերու մէջ երկկողմ համագործակցութեան եւ վստահութիւն յայտնեց, որ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները միացեալ ջանքերով կեանքի պիտի կոչուին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Արժանթինի արտաքին գործոց փոխնախարար Սուային ընդգծեց, որ Արժանթին կ՛ուզէ խորացնել Հայաստանի հետ բազմաբովանդակ համագործակցութիւնը, եւ այդ առումով կարեւոր նկատեց պարբերական բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները:

Նախարար Նալբանդեան իր կարգին ընդգծեց, որ Արժանթինի մէջ կազմակերպուած հայ համայնքի ներկայութիւնը մեծապէս կը նպաստէ Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ ստեղծուած բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման:

Երկուստեք գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ մուտքի արտօնագրային դրութեան բացակայութիւնը, հարուստ իրաւապայմանագրային դաշտի գոյութիւնը, երկու երկիրներու մայրաքաղաքներու քոյր-քաղաքներ հանդիսանալը կարեւոր գործօն են  երկկողմ գործակցութեան խորացման համար:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-արժանթինեան  յարաբերութիւններու զարգացման ուղիներուն շուրջ, կարեւոր նկատուեցաւ համագործակցութեան սերտացումը միջազգային կազմակերպութիւններու  շրջանակներուն մէջ, առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումը, ապակեդրոնացած գործակցութեան ամրապնդումը, գիտական, կրթական, մշակութային փոխանակումներու  աշխուժացումը:

Հանդիպումէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեան եւ Արժանթինի  արտաքին գործոց եւ պաշտամունքի նախարարութեան ազգային արտաքին ծառայութեան հիմնարկի տնօրէն Խուան Վայէ Ռալէյք իրենց կողմէ ղեկավարուող ուսումնական հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին:

Նախորդը

Յակոբ Ինջիղուլեան Կը Ցանկայ Հայաստան Վերադառնալ

Յաջորդը

Հայրենիք-Սփիւռք Համաժողովին Պիտի Քննարկուին Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Եւ Սուրիահայութեան Հարցերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.