Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Լաթվիոյ դէմ բարեկամական մրցում մը կատարեց:
Անկախ մրցումին արդիւնքէն, Հայաստանի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքիի համար անիկա եղաւ նշանակալից իրադարձութիւն մը` անոր ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզին մէջ:
3 օգոստոսին 40 տարեկան բերդապահը դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ մինչեւ օրս հանդէս եկած ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը: Ան այդ մրցումին 40 տարեկան եւ 29 օրական էր:
Ան այսպիսով գերազանցեց Հայաստանի նախկին խմբապետ Սարգիս Յովսէփեանի հաստատած մրցանիշը, որ 14 նոյեմբեր 2012-ին Լիթուանիոյ դէմ իր հրաժեշտի մրցումին 40 տարեկան եւ 12 օրական էր, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:
Նշենք, որ Պերեզովսքի, ցարդ 87 անգամ կրած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին շապիկը:


