
Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան որոշած է այսուհետեւ չօգտագործել երկրի հանրապետական ամբողջ պատմութեան ընթացքին նախագահական նստավայրը հանդիսացող Չանքայայի պալատը: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Էրտողան այսպիսով կը հրաժարի իբրեւ նախագահական նստավայր օգտագործել ժամանակին հայկական Գասապեաններու ընտանիքին պատկանած եւ Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք անոնցմէ խլուած շինութենէն:
Խախտելով Թուրքիոյ հանրապետութեան 91-ամեայ աւանդութիւնը` Էրտողան որոշում տուած է տեղափոխուիլ եւ նախագահական նստավայր դարձնել «Աթաթուրքի անտառային հողատարածք» անուանումը կրող տարածքին մէջ կառուցուող նոր շինութիւնը: Փոխարէնը, Թուրքիոյ 11 նախագահներու համար իբրեւ նստավայր ծառայած Չանքայայի պալատը պիտի օգտագործեն վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն եւ անոր աշխատակազմը:
Չանքայա պալատը կը կառավարէ նախագահութիւնը, սակայն անիկա «կը պատկանի» Թուրքիոյ խորհրդարանին: Պալատին իսկական տէրերն են Գասապեաններու ժառանգորդներ Եդուարդ Չուաճի եւ Վերգին Գասապօղլու:


