
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Թուրքիան որքան ուժեղ ըլլայ, այնքան Ազրպէյճանը ինքզինք աւելի ուժեղ պիտի զգայ:
Ալիեւ նաեւ ուրախութիւն յայտնած է, որ Էրտողան եկած է «հարազատ Ազրպէյճան»:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ազրպէյճանի դիրքորոշումին սատարելուն համար: Ան իր կարգին Թուրքիոյ խոստացած է միանալ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ ժխտողականութեան:
Ալիեւ նաեւ յոյս յայտնած է, որ թուրք-ազրպէյճանական ԹԱՆԱՓ` անդրանատոլական կազի խողովակաշարին նախագիծը ճշդուած ժամանակին պիտի իրագործուի:
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Ալիեւի հետ հանդիպումին «օրակարգի հիմնական հարցը կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը»: Ան նշած է, որ Ալիեւի հետ «այդ ուղղութեամբ հետագայ քայլերը քննարկեցինք»:
Ինչ կը վերաբերի երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան հարցին` Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա մտադիր է Ազրպէյճանի հետ տարեկան առեւտրական շրջանառութեան ծաւալը հասցնել 15 միլիոն տոլարի:
«Մենք երկու պետութիւն մէկ ազգ ենք, ասիկա Հայտար Ալիեւի ժառանգութիւնն է», նշած է Էրտողան:
Էրտողան. «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը
Պիտի Ներառուի Օթան-ի Վեհաժողովի
Օրակարգին Վրայ»
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պիտի ներառուի ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի օրակարգին վրայ:
Ըստ Էրտողանի, ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին Թուրքիա մտադիր է յիշեցնել դաշինքին կողմէ Ազրպէյճանին տրուած խոստումներու կատարման կարեւորութիւնը: «Ատիկա Ազրպէյճանի իրաւունքն է, եւ երկրին տրուած խոստումները պէտք է կատարուին: Թուրքիա պատրաստ է այդ հարցին մէջ վճռականութիւն ցուցաբերելու», ըսած է Էրտողան:
Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը առաջնահերթութիւն է Թուրքիոյ համար եւ երկիրներուն միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու մակարդակի ցուցանիշ:
ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 4-5 սեպտեմբերին` Կալեսի մէջ:


