
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումի շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց ներկայութեան վտանգի փող հնչեցուց` սահմանադրական հաստատութիւններուն սառած իրավիճակին եւ Լիբանանի սպառնացող վտանգներուն մասին:
Պըրրիի այցելող երեսփոխանները մերժեցին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` նկատել տալով, որ այդ երկարաձգումը կը նշանակէ խանգարել սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը. ան ընդգծեց, որ սառած աշխատանքով խորհրդարան մը չի կրնար իր պարտականութիւնները կատարել եւ պատասխանատուութիւնները ստանձնել:
Միւս կողմէ, Պըրրի դարձաւ շրջանին մէջ քրիստոնեաներու բռնաճնշումի ենթարկուիլը մերժող իսլամ պետական ու հոգեւոր հեղինակութիւններու նամակարշաւին մասնակցող ռահվիրաներէն եւ կոչ ուղղեց շրջանին մէջ պահպանելու քրիստոնեայ գոյութիւնը:
Նշենք նաեւ, որ յաջորդաբար Պըրրիի յաջորդաբար այցելեցին կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ եւ նախկին նախարար Ալպեր Մանսուր:


